ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ

Վերջերս Լիոնի մեր եկեղեցին բարի սովորութիւնը որդեգրած էր վկայութիւն մը լսելու պաշտամունքի ատեն՝ ամիսը անգամ մը։ Այսօր ես կը փափաքիմ վկայել մէկու մը մասին, որ 105 տարի առաջ հաւատքի հերոս մը հանդիսացաւ, եւ  անոր պատմութիւնը հայերէն լեզուով գրուած է Բանբեր պաշտօնաթերթի այս ամսուան թիւին մէջ։ Անոր պատահածը լսելով՝ այսօր յիշատակած կ’ըլլանք մեր նահատակները, քանի որ այս տարի առիթը չունեցանք միասնաբար, երեք յարանուանութիւններով եկեղեցական արարողութիւն մը կատարելու։

Ամենուս ծանօթ թէ 24 Ապրիլ 1915-ի գիշերը, Կ. Պոլսոյ մէջ մօտ 300 հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան, ու քանի մը օր ետք տարագրուեցան Չանղըրը եւ Այաշ։ Այդ աքսորեալ խումբին մաս չէր կազմեր իրենց բանաստեղծ ընկերը՝ Տոքթ. Ռուբէն Չիլինկիրեան (գրական անունով՝ Ռուբէն Սեւակ), քանի որ այդ ատեն Օսմանեան բանակին մէջ կը ծառայէր որպէս բժիշկ։ Սակայն քանի մը շաբաթ ետք, Յունիս ամսուն ինքն ալ ուղարկուեցաւ Չանղըրը։

Աքսորեալներուն մէջ գտնուող բժիշկները իրենց արուեստը կը կիրարկէին տեղւոյն բնակիչներուն վրայ, քանի հոն ո՛չ մէկ բժիշկ կար։ Տոքթ. Ռ. Սեւակ մեծ համբաւ շահած էր Թուրքերուն մօտ, որովհետեւ Գաւառապետ Ասաֆ Պէյը ազատած էր թունաւորուած վիճակէն։ 

Օր մը՝ իրեն բանտակից վարդապետի մը ըսաւ.

– Առաջարկ մը ունիմ ընելիք։ Կը լսեմ թէ Գաղատիոյ կողմերը իսլամացած են կարգ մը Հայեր։ Չեմ ուզեր որ մեր ընկերներէն ոեւէ մէկը այդպիսի տկարացում ունենայ ապագայ հաւանական ճնշումներու առջեւ. ուստի կը թելադրեմ որ դուն, իբր հոգեւորական, կանչես հոս գտնուողները եւ երդում առնես իւրաքանչիւրէն թէ հաստատ պիտի պահեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը։

Երբ Պոլիսէն հեռագիր մը եկաւ, որ կը ծանուցանէր թէ Կառավարութիւնը ներում շնորհած է կարգ մը անձերու, որոնց մէջ կը գտնուէր այդ վարդապետը, անոր մեկնումէն առաջ Սեւակ խնդրեց որ Աստուածաշունչ մը հայթայթէ իրեն։ Եւ անոր ունեցած միակ նմոյշը ձեռք ձգելով խոստացաւ զայն ծայրէ ի ծայր կարդալ։

Օր մը, լսելով թէ իսլամութիւնը ընդունողը ազատ պիտի արձակուի, ամբողջ երկու օր աշխատեցաւ, համոզելու համար տկար հոգիները, որ մահը մահմետականացումէն աւելի աղէկ է, եւ զատ-զատ երդում ընել տուաւ ամէն անոնց՝ որոնց հոգիի ոյժին վրայ կասկած ունէր թէ հաւատարիմ պիտի մնան իրենց լոյս-հաւատքին։

Չանղըրըի չէթէներու պետին՝ կառապան Իսմայիլի աղջիկը, որ անյոյս վիճակի մէջ հիւանդ էր, Սեւակի կողմէ դարմանուեցաւ եւ առողջացաւ։ Հայրը, առ ի երախտագիտութիւն, առաջարկեց որ մահմետականութիւնը ընդունելով ամուսնանայ աղջկան հետ, որ իրեն սիրահարած էր, ըսելով թէ Պոլիսէն անյապաղ հրաման պիտի գար որ բոլոր աքսորեալներն ալ սպաննուին։ Սեւակ երկու ժամ պայքարեցաւ, ըսելով թէ կրօնափոխ չէր կրնար ըլլալ, եւ թէ ինք արդէն ամուսնացած էր ու երկու զաւակի տէր էր ։

Աքսորեալ ընկերները թելադրեցին որ իսլամութիւնը առժամապէս ընդունի, պատճառաբանելով թէ իր մահը ո՛չ մէկ օգուտ պիտի բերէր ո՛չ ազգին, ո՛չ իր ընտանիքին։ Սրտնեղած՝ Սեւակ անոնց յայտարարեց.

– Չեմ կրնար համոզուիլ այն գաղափարին հետ, որ մահէն վախնալով ուրանամ ազգ եւ ընտանիք։ Կա՛մ պէտք է գրական անուանս պէս հոգիս ալ սեւցնեմ, եւ կամ մեռնիմ։ Ուխտած եմ մեռնիլ, բայց երբե՛ք հոգիս չսեւցնել։

26 Օգոստոս 1915-ին՝ Դանիէլ Վարուժանին եւ ուրիշ երեք աքսորեալներու հետ կառքով տարուեցաւ դէպի Այաշ՝ կապուած ձեռքերով։ Բայց ճամբան, ըստ ծրագրուած դաւադրութեան մը, յարձակում կրեցին Իսմայիլի չէթէներուն կողմէ, որոնք զիրենք մերկացուցին, կողոպտեցին եւ աննկարագրելի չարչարանքներով սպաննեցին։

Երբ Ապրիլ 24-ի յիշատակութեան ատեն հաւատքի հերոսներուն անունները կը կարդանք Եբրայեցիներու ուղղուած Թուղթին մէջ, կրնանք մտաբերել նաեւ Ռուբէն Սեւակի օրինակը, որպէսզի անոնց եւ մեր հայրենակիցին պէս «մինչեւ մահ հաւատարիմ ըլլանք» եւ ստանանք «կեանքի պսակը», ինչպէս գրուած է Յայտնութեան գիրքին մէջ (2. 10)։

Արի Թօփուզխանեան

26/4/2020